2017-05-29 11:56:00

Վախճանած է աշխարհի տարիքով ամենամեծ կրօնաւորուհի` Քոյր Քանտիտա Պելլոթթին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ւտալիոյ Լուքքա քաղաքին մէջ,  28 մայիս 2017-ին, այս աշխարհէն առ յաւէտ հեռացաւ, 110 ամեայ,  աշխարհի` տարիքով ամենաերէց կրօնաւորուհին,  Ւտալացի Քոյր Քանտիտա Պելլոթին,  անկարներու ''Սան Քամիլլօ'' միաբանութեան  անդամ։

Անցեալ 20 փետրուար 2017-ին, Քոյր Քանտիտա, նշած էր իր ծննդեան վերջին տարեդարձը, շրջապատուած  իր միաբան  քոյրերէն եւ  Լուքքա թեմի եպիսկոպոսէն, որուն առթիւ ստացաւ նաեւ Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետին բարեմաղթանքներն ու շնորհաւորութիւնները։

Ան կը պատկանէր ''Սան Քամիլլօ Տէ Լելլեիս'' մայրապետներու միաբանութեան, որուն անդամները  ծառայութիւն կը մատուցանեն հիւանդանոցներու ու ծերանոցներու մէջ,  իրենց նպաստը բերելով առողջապահական եւ դաստիարակչական հովուական ծառայութեան ծիրէն ներս։

10 քահանայապետեր իրար յաջորդած են Քոյր Քանտիատայի կեանքի ընթացքին։ Վերջինը եղաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը, որուն  Քոյր Քանտիտան առանձնաշնորհումը  ունեցաւ հանդիպելու՝ 2014 թուականին,  իր ծննդեան 107-րդ տարեդարձին առթիւ, մասնակցելով Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան  մէջ Քահանայապետի մատուցած Սուրբ Պատարագին, եւ ստանալով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնները։

Ննջեցեալ Քոյր Քանտիտայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 30 մայիս  2017-ին, Լուքքա քաղաքին Սուրբ Երրորդութիւն անուան եկեղեցւոյ մէջ։    








All the contents on this site are copyrighted ©.